ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ Մնայուն խորհուրդին ներկայացուած առաջնահերթութիւններու շարքին նշած է Արցախի տագնապի լուծումը: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը:
«Շրջանային տագնապներու լուծումը կը մնայ մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը», ըսած է Լինտէ` նշելով Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Վրաստանի եւ Պիելոռուսիոյ շուրջ գոյութիւն ունեցող ճգնաժամերը:
2021 թուականին ԵԱՀԿ-ին կը նախագահէ Շուէտը:
Քաղուած «Ազդակ » էն