Որոնել

Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

«Կոչ կ՛ուղղենք Հանրապետութեան Նախագահին հաշտուելու նշանակուած վարչապետին հետ». Ռայի Պատրիարք

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու, յատկապէս քաղաքական անձնաւորութիւն, աստուածային լոյսին կարիքը ունի, որպէսզի իր ձախաւերութենէն դուրս գայ եւ իր քարացած կեցուածքներուն ստրուկը չդառնայ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան արտասանեց քարոզ մը` ընդգծելով լիբանանեան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր պատասխանատու, յատկապէս քաղաքական անձնաւորութիւն, աստուածային լոյսին կարիքը ունի, որպէսզի իր ձախաւերութենէն դուրս գայ եւ իր քարացած կեցուածքներուն ստրուկը չդառնայ: «Անոնք պէտք է իմանան, որ «Լիբանան քաղաքակրթական սուղ արժէք է», ինչպէս կ’ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը, «եւ մարդկութեան աւանդ` նկատի ունենալով, որ ան հին քաղաքակրթութեան բնօրրան է եւ Միջերկրական ծովու փարոսներէն մէկը», ինչպէս նշուած է Առաքելական յորդորակին մէջ:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ հանրապետութեան նախագահէն եւ նշանակուած վարչապետէն կ’ակնկալուի լաւագոյնը ներկայացնել լիբանանցիներուն:

«Հետեւաբար կոչ կ’ուղղենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին նախաձեռնելու նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին հաշտութեան հրաւիրելու եւ անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու, որովհետեւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած աղէտալի իրավիճակը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի որեւէ յապաղում չ’արդարացներ», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Ան նշեց նաեւ, որ երկրին սահմանադրութիւնը, Ազգային ուխտն ու Թաէֆի համաձայնագիրը պէտք է յարգուին, եւ դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը պէտք է ամրապնդուի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին արժանապատուութիւնը պաշտպանուի: «Լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը բանակին արժանապատուութենէն կը բխի, իսկ դատական իշխանութիւններուն հանդէպ վստահութիւնը Լիբանանի հանդէպ վստահութիւն է», ըսաւ ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2021, 08:13