Որոնել

«Մոտերնա» ընկերութեան պատուաստ «Մոտերնա» ընկերութեան պատուաստ 

Մինչ նոր սահմանափակումներ կը հաստատուին՝ կան պատուաստի ճակատէն դրական նոր լուրեր

«Մոտերնա» ընկերութիւնը հանդիսացաւ «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու պատուաստին օգտագործման համար պետութենէն արտօնութիւն խնդրող երկրորդ ընկերութիւնը՝ «Ֆայզըր»էն ետք, յոյսեր յառաջացնլով, որ պատուաստներ կրնան հասանելի ըլլալ քանի մը ամիսէն

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ, Լոս Անճելըս գաւառը երեք շաբաթեայ նոր շրջագայութեան սահմանափակումներ հաստատեց, նկատի ունենալով վարակակիրներու եւ յատկապէս հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներու թիւին արագ աճը։

Նոր սահմանափակումներ հաստատուած են նաեւ վաճառատուներուն վրայ, որոնք պարտադրուած են սպասարկելու իրենց յաճախորդներուն միայն մէկ մասին, տնտեսական յաւելեալ ճնշումներու տակ դնելով գործատէրերը, այն միջոցին, երբ պետական օժանդակութեան յոյսեր չեն երեւիր երկնակամարին վրայ, գլխաւորաբար հանրապետականներու հակակշիռին տակ գտնուող Ծերակոյտին ցուցաբերած ընդդիմութեան պատճառով։

Միւս կողմէ, «Մոտերնա» ընկերութիւնը հանդիսացաւ «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու պատուաստին օգտագործման համար պետութենէն արտօնութիւն խնդրող երկրորդ ընկերութիւնը՝ «Ֆայզըր»էն ետք, յոյսեր յառաջացնլով, որ պատուաստներ կրնան հասանելի ըլլալ քանի մը ամիսէն։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2020, 07:33