Որոնել

Աղքատութիւն, մարդասիրական օգնութիւն Աղքատութիւն, մարդասիրական օգնութիւն 

ՄԱԿ. «2021-ին, աղքատներուն թիւը պիտի աճի համաճարակի տագնապի պատճառաւ։

«Երկիր մոլորակի հարստութիւնները բաւարար են օգնելու համար համայն բնակչութեան, սակայն պակասը կայ քաղաքական կամքին ու հարցերը մշակութային հարցեր են եւ ոչ թէ նիւթական։»Միլանօ քաղաքի համալասրանի դաստատու , տիար Մորօ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«2020 թուականին, մարդասիրական օգնութեան կարիքը ունեցող անձերուն թիւը աճած է 40 տոկոսով, Քորոնա համաճարակի պատճառով, այսինքն աւելցած է 235 միլիոն անձ. եթէ այդ անձերը միեւնոյն քաղաքին մէջ ապրէին, այդ քաղաքը բնակչութեան թիւով աշխարհի  ամենամեծ հինգերորդ քաղաքը պիտի համարուէր։ Այս մասին նշուած ՄԱԿ-ի Global Humanitarian Overview 2021 տեղեկագիրին մէջ ։ ՄԱԿ ի տուեալներուն համաձայն, կարիքաւոր մարդոց օգնելու համար պահանջը կայ 35 միլիարտ տոլարի։

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ«ի տեղեկագիրին մէջ նշուած է, որ Քովիտ 19-ի պատճառաւ 22 տարուան ընթացքին, առաջին անգամուան համար աղքատներու թիւը աճած է։ Ներկայացուած է նաեւ աղքատութեան կարգ մը պատճառները, սղաճը, անգործութիւնը, դպրոցներու փակումը եւ վաճառականութեան անկումը։

Տեղեկագիրին մէջ նշուած է որ յառաջիկայ տարիներուն ՄԱԿ ու մարդասիրական կարգ մը կազմակերպութիւններ նախաձեռնած են մարդասիրական 34 ծրագիրներ օգնելու համար 56 երկիրներուն։  Այս ուղղութեամբ ՄԱԿ«ի ընդհանուր քարտուղար Կութերես կոչ ուղղեց տրամադրելու աւելի մեծ գումարներ եւ զօրակցելու խաւարի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն։

Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Միլանօ համալսարանի զարգացման քաղաքականութիւն նիւթի դասատու Ռիքարտ Մորօ անդրադառնալով ՄԱԿի տեղեկագիրին  նշեց որ երկիր մոլորակի  հարստութիւնները բաւարար են օգնելու համար համայն բնակչութեան, սակայն  պակասը կայ քաղաքական կամքին ու հարցերը մշակութային հարցեր են եւ ոչ թէ նիւթական։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 11:07