Որոնել

ԵԱՀԿ ԵԱՀԿ 

Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա Եւ Ֆրանսա կը պահանջեն օտարերկրեայ վարձկանները անյապաղ դուրս բերել Լեռնային Ղարաբաղի տարածքէն

Համանախագահ երկիրները նաեւ Երեւանը եւ Պաքուն յորդորած են օգտուիլ հաստատուած զինադադարէն ու միջնորդներու հովանիին տակ բանակցութիւններ սկսիլ տեւական ու կայուն խաղաղութեան հասնելու համար:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան Միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով կոչ ուղղեցին Լեռնային Ղարաբաղի շրջանէն անյապաղ դուրս բերելու օտարերկրեայ վարձկանները: Այս մասին կը նշուի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի երէկ հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Միջնորդ երկիրները Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղեն շարունակելու լիարժէքօրէն կատարել 9 նոյեմբերին եռակողմ յայտարարութեամբ, նաեւ զինադադարի վերաբերեալ մինչ այդ ստանձնած իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները:

Համանախագահ երկիրները նաեւ Երեւանը եւ Պաքուն յորդորած են օգտուիլ հաստատուած զինադադարէն ու միջնորդներու հովանիին տակ բանակցութիւններ սկսիլ տեւական ու կայուն խաղաղութեան հասնելու համար:

Այդ ծիրին մէջ անոնք կոչ կ՛ուղղեն կարելի եղածին չափ շուտ շրջանին մէջ հիւրընկալել համանախագահներն ու պարտաւորուիլ առարկայական բանակցութիւններ վարել համաձայնեցուած ժամանակացոյցով` բոլոր չլուծուած խնդիրները լուծելու համար:

Ռուսիան, Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները կարեւոր նկատած են նաեւ պատերազմական գերիներու եւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակումը, կրօնական ու պատմական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը, տեղահանուածներու վերադարձին համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/12/2020, 07:30