Որոնել

Human Rights Watch-ը անարդարանալի կը գտնէ Հայ գերիներու՝ Պաքուի կողմէ վարկաբեկումը Human Rights Watch-ը անարդարանալի կը գտնէ Հայ գերիներու՝ Պաքուի կողմէ վարկաբեկումը 

Human Rights Watch-ը անարդարանալի կը գտնէ Հայ գերիներու՝ Պաքուի կողմէ վարկաբեկումը

Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ատրպէյճանական ուժերը գերի առած են բազմաթիւ հայ զինուորականներ, որոնցմէ շատեր ենթարկուած են բռնութիւններու եւ նուաստացումի:
Ունկնդրէ լուրը

ՊԵՐԼԻՆ․- 2 Դեկտեմբերին հրապարակուած տեղեկագիրի մը մէջ, մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch միջազգային կազմակերպութիւնը անարդարանալի համարեց Արցախէ դէմ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութեան ընթացքին հայ գերիներու վարկաբեկումը ատրպէյճանցիներու կողմէ։

Տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ատրպէյճանական ուժերը գերի առած են բազմաթիւ հայ զինուորականներ, որոնցմէ շատեր ենթարկուած են բռնութիւններու եւ նուաստացումի: Այդ մասին կը վկայեն տեսանիւթերը, որոնք Հոկտեմբերէն լայնօրէն տարածուեցան համացանցային ընկերային ցանցերու վրայ:

Տեսանիւթերը ցյոց կու տան, թէ ատրպէյճանցիները ինչպէս կ՛ապտակեն, կը հարուածեն եւ կը նուաստացնեն հայ գերիները, ակնյայտ ճնշումներու միջոցաւ պարտադրելով անոնց, որ համբուրեն Ատրպէյճանի դրօշակը, գովաբանեն Ալիեւը, հայհոյեն Փաշինեանին եւ յայտարարեն, որ «Լեռնային Ղարաբաղը Աատրպէյճան է»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2020, 07:43