Որոնել

Տատիվանք Տատիվանք 

Յուշարձաններու հանրահռչակման նպատակով պիտի գործէ Արցախի Հոգեւոր-Մշակութային Ժառանգութեան գրասենեակը

«Աշխատելու ենք երեք հիմնական ուղղութեամբ. նախ եւ առաջ յուշարձանների վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւններ պէտք է իրականացուեն, կազմակերպուեն գիտաժողովներ, հանդիպումներ, մասնագէտների հետ քննարկումներ: Գրուելու են հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան մասին յօդուածներ, թեզեր են պաշտպանուելու»,
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մշակութային արժէքներու պահպանութեամբ զբաղող միջազգային կառոյցներուն ուշադրութիւնը Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան վրայ հրաւիրելու, զայն ոչնչացումէ զերծ պահելու նպատակով, Մայր Աթոռին մէջ պիտի գործէ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակը:

Այս մասին յայտնեց գրասենեակի պատասխանատու Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, որ ըսաւ, թէ ներկայիս չեն կրնար անմիջականօրէն պահպանել վերահսկողութենէ դուրս մնացած մշակութային եւ հոգեւոր հարստութիւնը, սակայն կրնան նպաստել անոր պահպանման՝ միջազգային կառոյցներուն հետ համագործակցութեամբ։

«Աշխատելու ենք երեք հիմնական ուղղութեամբ. նախ եւ առաջ յուշարձանների վերաբերեալ գիտական ուսումնասիրութիւններ պէտք է իրականացուեն, կազմակերպուեն գիտաժողովներ, հանդիպումներ, մասնագէտների հետ քննարկումներ: Գրուելու են հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան մասին յօդուածներ, թեզեր են պաշտպանուելու», ըսաւ Գարեգին վարդապետը՝ աւելցնելով, որ երկրորդ կարեւոր ուղղութիւնը առցանց հարթակի վրայ լուրջ շեշտադրում կատարելն է, անհրաժեշտ տուեալներու եւ հաւաստի փաստերու տեղադրումը։ Այդ կառոյցներու ջանքերով ու կարողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կանխել Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած հայկական յուշարձաններուն հանդէպ ոտնձգութիւնները:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2020, 07:35