Իտալիայի Լոմպարտիա նահանգը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։
Լոմպարտիան կը հանդիսանայ Իտալիոյ եւ նոյնինքն Եւրոպայի առաջին Նահանգը որ կ՛աջակցի Արցախի հանրապետութեան ճանաչման։
Իտալիայի Լոմպարտիա նահանգի խորհուրդը՝ 3 նոյեմբեր 2020-ի երեկոյեան Խորհուրդի նիստի մը ընթացքին մեծամասնութեամբ քուէարկեց Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը։
Լոմպարտիան կը հանդիսանայ Իտալիոյ եւ նոյնինքն Եւրոպայի առաջին Նահանգը որ կ՛աջակցի Արցախի հանրապետութեան ճանաչման։ Յայտնենք թէ Իտալիոյ մէջ այլ քաղաքներ ու քաղաքապետարաններ եւս ընդունեցան Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը որոնց շարքին նաեւ Միլանօ քաղաքը, Ազօլօն եւ Փալերմօ քաղաքները։
04/11/2020, 07:59