Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք անպայման հանրապետութեան նախագահին այցելութիւն մը կու տայ, երբ երկրէն պիտի մեկնի:
Ան աւելցուց, որ ինք պիտի ուղղուի Վատիկան` հանդիպում ունենալու համար Ֆրանչիսկոս պապին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:
Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ ինք պապին պիտի ներկայացնէ լիբանանեան իրականութեան մանրամասնութիւնները եւ անոր հետ պիտի քննարկէ Լիբանան այցելութեան կարելիութիւնները:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած բնակիչներուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ոչ մէկ շարժում փաստեց մեր մէկ ժողովուրդ ըլլալը: «Ողջոյնի արժանի են բոլոր կամաւորները, որոնք փութացին շրջանին օժանդակութեան: Լիբանան չէզոք երկիր է, որովհետեւ անիկա բոլոր երկիրներուն համար բաց է: Այս իրականութիւնը մեզի համար հիմնական է: Իրաւական հաշուեքննութիւնը պէտք է կատարուի կառավարութեան ընդմէջէն` սահմանադրութեան համաձայն, որովհետեւ անիկա գործադիր իշխանութեան որոշում է, որ կառավարութեան կողմէ կը տրուի», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը պէտք է շարունակուի ամբողջ Լիբանանի տարածքին, սկսեալ` Կեդրոնական դրամատունէն, հասնելով բոլոր հաստատութիւններուն եւ բնագաւառներուն:
«Իրաւական հաշուեքննութեան թղթածրարը պէտք է շարունակուի, եւ հաշուեքննութիւնը պէտք է պարփակէ պետական բոլոր հաստատութիւնները», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ նշանակեալ վարչապետը պէտք է կառավարութեան ամբողջական կազմ մը բերէ ու ներկայացնէ նախագահին ու զայն անոր ընկերակցութեամբ սերտէ:
«Երկիրը կը մահանայ, եւ կարելի չէ այս ձեւով կառավարութիւն կազմել: Լիբանան նոյնիսկ 24 ժամուան յապաղում չի կրնար հանդուրժել: Մենք կը պահանջենք փրկութեան աննախընթաց կառավարութիւն մը, որ ըլլայ անկուսակցական եւ ոչ թէ քաղաքական: Երկիրը սնանկացած է, որովհետեւ պետութեան ելեւմուտքի աղբիւրները անհետացած են, իսկ դատական իշխանութիւնները պէտք է շարունակեն հետաքննութիւնը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս իրաւական հաշուեքննութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներու իրաւական հաշուեքննութեան մասին խորհրդարանին յղած իր նամակը քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու է` ըլլան անոնք ձեւական, թէ խոր տարակարծութիւններ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ իր նպատակը ազգային հսկայ դժբախտութեան մը լուծում ապահովելն է, «որովհետեւ առանց իրաւական հաշուեքննութեան կարելի չէ համաձայնիլ Լիբանանին օժանդակել փափաքող երկիրներուն հետ, ոչ ալ կարելի է համաձայնիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին կամ անոր նման ելեւմտական խորհուրդներու հետ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Ան շեշտեց, որ իրաւական հաշուեքննութիւնը զուտ ազգային հարց է եւ երկրին դիմագրաւած տագնապէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցը:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն հասկնալու այս իրականութիւնը եւ անսալու իրենց ուղղուած բոլոր կոչերուն, որոնցմէ վերջինը անկախութեան պատգամին մէջ հնչած էր:
Ան հաստատեց, որ տեղեկատուութեան մարզը պէտք է պատասխանատուութեամբ վարուի այս զգայուն թղթածրարին հետ, որովհետեւ այդ թղթածրարը Լիբանանի գերագոյն շահերուն կը վերաբերի:
Քաղուած «Ազդակ»էն։