Որոնել

Փութին եւ Մաքրոն Փութին եւ Մաքրոն 

Փութին Մաքրոնի հետ քննարկած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը

Մանրամասնօրէն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող կացութեան զարգացումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ անոր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոն մանրամասնօրէն քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող իրավիճակի զարգացումը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Հաշուի առնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանախագահութիւնը` մանրամասնօրէն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող կացութեան զարգացումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Վլատիմիր Փութին տեղեկութիւն ներկայացուցած է ռուսական կողմի ձեռնարկած աշխուժ միջնորդական ջանքերուն մասին, որոնք կարելիութիւն ընձեռեցին դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը եւ խուսափելու նոր զոհերէ, ինչպէս նաեւ շփման գիծի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղակայման մասին: Նշուած է, որ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը կը գործադրուի, իրավիճակը ամբողջ շրջանին մէջ կայունացած է», կ՛ընդգծուի հաղորդագրութեան մէջ:

«Պատրաստակամութիւն յայտնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքները համակարգելու պատրաստակամութեան մասին` ղեկավարները կարեւոր նկատած են մարդասիրական հրատապ խնդիրներու լուծումը, ներառեալ տեղահանուածներու վերադարձը իրենց մնայուն բնակութեան վայրեր, բնակչութեան բնականոն կեանքի պայմաններու ապահովումը, ենթակառոյցներու վերականգնումը, քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ վանքերու պահպանումը», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

17/11/2020, 07:40