Որոնել

Ականազերծում Ականազերծում 

ՄԱԿ կ՛աշխատի Արցախի մէջ ականազերծման առաքելութեան տեղակայման ուղղութեամբ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման առաքելութեան հապշտապ տեղակայման ուղղութեամբ. կողմերու կարիքները գնահատելու առաքելութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի սկսի աշխատիլ դեկտեմբերի սկիզբ։

ՄԱԿ-ի ականազերծման ծառայութիւնը այլ ստորաբաժանումներու հետ կ՛աշխատի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման առաքելութեան հապշտապ տեղակայման ուղղութեամբ. կողմերու կարիքները գնահատելու առաքելութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի սկսի աշխատիլ դեկտեմբերի սկիզբը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է ՄԱԿ-ի Խաղաղապահ գործողութիւններու վարչութեան ներկայացուցիչը:

«ՄԱԿ-ի ականազերծման ծառայութիւնը, համաձայնելով ՄԱԿ-ի այլ ստորաբաժանումներու եւ տեղւոյն վրայ գտնուող խումբին հետ, կ՛աշխատի շտապ տեղակայման ուղղութեամբ` կողմերէն հայցուող` ՄԱԿ-ի կողմէ օժանդակութեան ծիրին մէջ: Ատիկա, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի սկսի դեկտեմբերի սկիզբը տեղերուն մէջ` կարիքներու գնահատումով», ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ՄԱԿ-ի ականազերծման ծառայութիւնը կը նախատեսէ՞ Լեռնային Ղարաբաղի գօտիին մէջ ականազերծման հարցին մէջ Ազրպէյճանին օժանդակել:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2020, 07:29