Նորվեկիա 1,5 միլիոն եւրոյի մարդասիրական օժանդակութիւն կը յատկացնէ Արցախի պատերազմէն տուժածներուն
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Նորվեկիոյ կառավարութիւնը որոշած է 17 միլիոն նորվեկիական քրոն տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմէն տուժած խաղաղ բնակիչներուն: Այդ գումարը, որ հաւասար է 1,5 միլիոն եւրոյի, Նորվեկիան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պիտի տրամադրէ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնող կազմակերպութիւններու միջոցով:
«Ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մեծ թիւով մարդոց կեանքերը խլեցին, շատերը ստիպուած եղան լքելու իրենց հարազատ տուները: Պատերազմը շատ տառապանքներ պատճառեց խաղաղ բնակիչներուն: Նորվեկիան գումար պիտի տրամադրէ այն կազմակերպութիւններուն, որոնք կ՛օգնեն պատերազմէն տուժածներուն», յայտնեց Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Ինէ Մարի Էրիքսըն Սորէյտ յոյս յայտնեց, որ կողմերը կ՛ապահովեն մարդասիրական օգնութիւն հասցնող կազմակերպութիւններու անվտանգութիւնը եւ տագնապի գօտի ապահով մուտքը:
«Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք պահպանել զինադադարը եւ վերսկսիլ բանակցութիւններուն: Նորվեկիան կ՛աջակցի խաղաղութիւն հաստատելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաքելութեան», յայտարարեց նախարար Սորէյտ:
Քաղուած «Ազդակ»էն