Որոնել

Գերիներու փոխանակման եւ դիակներու որոնման աշխատանքը սկսած Է Գերիներու փոխանակման եւ դիակներու որոնման աշխատանքը սկսած Է 

Գերիներու փոխանակման եւ դիակներու որոնման աշխատանքը սկսած Է

Օրուան երկրորդ կէսին փրկարարական քանի մը ջոկատներ իրենց անմիջական մասնակցութիւնը բերին դիակներու որոնման եւ փոխանակման գործին:

Զինադադարի դրութեան վերահսկման նպատակով Արցախ գտնուող Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան նախաձեռնութեամբ ու Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան գործուն մասնակցութեամբ 13 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ պատերազմին զոհուած զինուորականներու մարմիններու փոխանակում:

Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն զօր. Կարէն Սարգսեան երկու կողմին համար կարեւոր նկատեց այդ առաքելութիւնը` ընդգծելով, որ ծառայութիւնը պատրաստ է մարդասիրական նպատակներով որեւէ աշխատանքի:

Օրուան երկրորդ կէսին փրկարարական քանի մը ջոկատներ իրենց անմիջական մասնակցութիւնը բերին դիակներու որոնման եւ փոխանակման գործին:

Փրկարարներու մարդասիրական աշխատանքը տեղւոյն վրայ համակարգած է զօր. Կարէն Սարգսեան` համագործակցելով Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի առաքելութեան պատասխանատուներուն հետ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2020, 08:04