ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Լաւրովի հետ քննարկած են զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութիւնը
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շեֆըրը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած կացութիւնը` 9 նոյեմբերին Ազրպէյճանի նախագահին, Հայաստանի վարչապետին եւ Ռուսիոյ նախագահին կողմէ զինադադարի մասին եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութենէն ետք:
Անոնք քննարկած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երեք երկիրներու հետագայ միջնորդական ջանքերուն համակարգման հարցերը:
Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին Ազրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ երկաթուղային ենթակառոյցներու զարգացման հեռանկարները:
«Կարծիքներու փոխանակում կատարուած է երկաթուղային ենթակառոյցներու զարգացման հեռանկարներու հարցին շուրջ` հաշուի առնելով Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան կարգաւորման մասին որոշումները:
Կառավարութիւններուն ղեկավարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձած են առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան զարգացման արդիական հարցերուն` ուշադրութիւն դարձնելով արդիւնաբերութեան, գիւղաճարտարագիտութեան, դեղագործութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ միացեալ նախագիծերու իրականացման:
Քաղուած «Ազդակ»էն