Դեսպան Աթաբէկեան Ռայի Պատրիարքին հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններ
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակուեցան աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական շարք մը հարցերու մասին` շրջանային եւ միջազգային շրջագիծին մէջ:
Քաղուած «Ազդակ» էն
05/11/2020, 07:59