Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն 100 օր ետք։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցող երկու զօրաւոր պայթումներէն ետք,որ տեղի ունեցաւ անցեալ, 4 օգոստոսին, աւելի քան 7200 անչափահասներ տակաւին կը գտնուին ՈՒՆԻՍԵՖԻ խնամքի յատուկ ծրագիրին ներքոյ։ Այս մասին հաղորդեց Լիբանանի մէջ Անսա լրատու գործակալութեան լրագրողուհի մը, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։ Լրագրողուհիին տուեալներուն համաձայն, նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցող պայթումէն ետք ցարդ Պէյրութի մէջ վերականգնուած են 4882 ջրամբար, որոնցմէ 111 հիւանդանոցներու մէջ, վերականգնուած են ջուրի մատակարարման կառոյցները, խմելիք ջուր ապահովուելով աւելի քան 4080 ընտանիքներուն։ Անսալ լրատու գործակալութեան լրագրողուհին յայտնեց թէ կը շարունակուին Լիբանանի ժողովուրդի բնակչութեան ի սպաս բարեգործական աշխատանքները, ժողովուրդ մը որ արդեն կ՝ապրէր տնտեսական ծանր վիճակի մէջ որ ծանրացած է Քովիտ 19 համաճարակի տագնապի պատճառով ։
Յայտնենք, թէ լիբանանի բնակչութեան ի սպաս բարեսիրական գործունէութիւններու շարքին «Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» Անգլիական մասնաճիւղը իր պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակեց յայտարարութիւն մը տեղեկացնելով, որ քահանայապետական կազմակերպութիւնը յաւելեալ նիւթական օգնութիւն տրամադրած է Պէյրութի եկեղեցիներուն եւ բնակարաններու վերակառուցման աշխատանքներուն, օգնութիւն որ կ՝աւելնայ պայթումէն անմիջապէս յետոյ 5880 ընտանիքներուն տրամադրուած օգնութիւններուն։