Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը անընդունելի նկատեց Ղարաբաղի տագնապին մէջ արտաքին ուժերու ներգրաւուածութիւնը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անընդունելի նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ արտաքին ուժերու ներգրաւուածութիւնը։ «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնը պէտք է դադրեցուի։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպումին կրկնեցի մեր խոր մտահոգութիւնը ընթացող ռազմական գործողութիւններուն վերաբերեալ, որոնք մարդասիրական մեծ կորուստներ պատճառած են։ Կողմերը պէտք է յարգեն զինադադարը եւ վերադառնան բանակցային սեղան՝ առանց նախապայմաններու։ Արտաքին ներազդեցութիւնները անընդունելի են», ըսաւ Միշել։
Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի նախագահը Շարլ Միշելին ներկայացուց 27 Սեպտեմբերէն Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնը՝ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնելով անոր մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը եւ ռազմաքաղաքական օժանդակութիւնը, ինչ որ անընդունելի է։
Քաղուած «Ասպարէզ» էն