Որոնել

Փութին, Մաքրոն, Մերքել, Զելենսքի Փութին, Մաքրոն, Մերքել, Զելենսքի 

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար իրական համախմբում պէտք է․ Փութին

Ռուսիոյ նախագահը հաստատած է հակաահաբեկչական գործունէութեան բոլոր ոլորտներու մէջ ֆրանսացի եւ այլ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ սերտօրէն համագործակցելու ռուսական կողմի պատրաստակամութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ցաւակցած է Էմանուէլ Մաքրոնին Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական յարձակումներու ողբերգական հետեւանքներուն առնչութեամբ:

«Առանձնակի վրդովմունք կ՛առաջացնէ եկեղեցւոյ պատերուն տակ կատարուած անամօթ եւ դաժան յանցագործութիւնը: Մենք եւս մէկ անգամ համոզուեցանք, որ մարդկային բարոյականութեան գաղափարը բացարձակապէս խորթ է ահաբեկիչներուն: Ակնյայտ է, որ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարը կը պահանջէ համաշխարհային հանրութեան ջանքերու իրական համախմբում», -ըսած է Փութին հեռագրին մէջ։

Ռուսիոյ նախագահը հաստատած է հակաահաբեկչական գործունէութեան բոլոր ոլորտներու մէջ ֆրանսացի եւ այլ օտարերկրեայ գործընկերներու հետ սերտօրէն համագործակցելու ռուսական կողմի պատրաստակամութիւնը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2020, 07:57