Որոնել

ՄԱԿ ՄԱԿ 

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը քննարկած է Ղարաբաղի մէջ հրադադարի վերահսկողութեան հարցը

«Այժմ անհրաժեշտ է ապահովել իրականացումը (հրադադարին «Ա.»), ատիկա ամէնէն հրատապ հարցն է, որովհետեւ այդ գծով համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, սակայն չէ պահպանուած»

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկողութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ, ինչպէս ԹԱՍՍ կը հաղորդէ,  Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին նշած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան:

«Այժմ անհրաժեշտ է ապահովել իրականացումը (հրադադարին «Ա.»), ատիկա ամէնէն հրատապ հարցն է, որովհետեւ այդ գծով համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, սակայն չէ պահպանուած», ըսած է ան` նշելով, որ կարեւորագոյն հարցը կը մնայ այն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապահովել ատոր գործադրութեան վերահսկողութիւնը:

Դիւանագէտը նաեւ նշած է, որ այդ հարցը քննարկուած է խորհրդակցութիւններու ընթացքին, եւ որ խորհուրդը միակարծիք եղած է իր մօտեցումներուն մէջ: Միաժամանակ ան բացատրած է, որ տարածաշրջան ՄԱԿ-ի հսկողութեան առաքելութիւն ուղարկելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդի յատուկ լիազօրութիւնը: «Ատիկա արագ հոլովոյթ չէ: Կան տեղեկութիւններ, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած է այն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրականացուի այդ վերահսկողութիւնը», նշած է Նեպենզիան:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը չէ բացառած, որ հսկողութեամբ կրնայ զբաղիլ ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը, մանաւանդ որ այդ կազմակերպութիւնը կը ղեկավարէ տագնապի լուծման հոլովոյթը: «Ո՛վ պիտի ըլլայ, ի՛նչ դերակատարութեամբ` տակաւին կը մնայ քննարկելի հարց», աւելցուցած է ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2020, 09:38