ՄԱԿը խստօրէն դատապարտեց հակամարտութեան ընթացքին բնակավայրերու վրայ յարձակումները
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿը խստօրէն դատապարտեց Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տեղի ունեցող մարտական գործողութիւններուն ընթացքին բնակավայրերու վրայ բոլոր յարձակումները եւ ռմբակոծութիւնները:
Ըստ «ՌԻԱ Նովոստի»ի՝ այս մասին յայտարարեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ստեֆան Տիւժարիք:
«Դարձեալ կը կրկնենք ընդհանուր քարտուղարին կոչը բոլոր կողմերուն` անյապաղ սահմանելու մարդասիրական հրադադար, որուն գծով անոնք պայմանաւորուած են, եւ ամբողջութեամբ կատարելու քաղաքացիական անձերու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու պաշտպանութեան իրենց պարտաւորութիւնները», յայտնեց Տիւժարիք:
Միւս կողմէ նշենք թէ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր, Ռուսիոյ հայ ձեռներեցներու ընկերակցութեան նախագահ Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է, որ պիտի վերակառուցէ Ստեփանակերտի հիւանդանոցի ծննդատան՝ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով բմռակոծուած բաժանմունքը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը։
«Կ՝ուզեմ Արցախի բնակիչներուն վստահեցնել, որ անպայման Ստեփանակերտի մէջ նոր ժամանակակից ծննդատուն պիտի կառուցենք կրկին: Այստեղ կրկին նոր կեանքեր պիտի ծնին»,- յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեան գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ երէկ, Հոկտեմբեր 28-ին, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը հրետակոծած էին շարք մը քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ՝ ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի ծննդատան շէնքը։