Յունաց եկեղեցւոյ պետին զօրակցական նամակը՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին
Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսը, 29 Սեպտեմբերի թուակիր նամակով, յոյն եկեղեցւոյ ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառին եւ հայ ժողովուրդին,
Յունաստանի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Իէրոնիմոս Արքեպիսկոպոսը, 29 Սեպտեմբերի թուակիր նամակով, յոյն եկեղեցւոյ ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառին եւ հայ ժողովուրդին, աղօթք բարձրացնելով պատերազմի շուտափոյթ դադրեցման համար։
Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։
Քաղուած «Եռագոյն»էն։
05/10/2020, 14:16