Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Մնացականեան-Պայրամով հանդիպումը
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովին հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:
30 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է նաեւ Մնացականեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ:
Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն
Յայտարարութիւնը
Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումին հիմամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է խաղաղ բնակչութեան եւ ոչ ռազմական կառոյցները չթիրախաւորելու վերաբերեալ: Այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Համանախագահները կրկին կոչ ուղղած են կողմերուն` ամբողջութեամբ կատարելու իրենց պարտաւորութիւնները, ներառեալ մարդասիրական հրադադարի անյապաղ հաստատումը, Մոսկուայի 10 հոկտեմբերի միացեալ յայտարարութեան համաձայն, որ կողմերը հաստատած են 17 հոկտեմբերին Փարիզի եւ 25 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ», ընդգուած է յայտարարութեան մէջ:
Ինչպէս կը նշուի համանախագահներու միացեալ յայտարարութեան մէջ` առանց կրակի դադրեցման կամ այլ պարտաւորութիւններու կատարման վնասելու, կողմերը պայմանաւորուած են շտապ կարգով շարք մը քայլերու ձեռնարկել.
1.- Կողմերը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան, դիտաւորեալ յարձակում չեն գործեր քաղաքացիական բնակչութեան կամ ոչ ռազմական կառոյցներու վրայ.
2.- Կողմերը աշխուժօրէն պիտի մասնակցին ռազմի դաշտին մէջ զոհուածներու աճիւններու փոխանակման իրականացման` Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան (ԿԽՄԿ) եւ PRCiO-ին տրամադրելով անվտանգութեան անհրաժեշտ երաշխիքներ.
3.- Կողմերը ԿԽՄԿ-ին եւ PRCiO-ին մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի փոխանցեն ներկայիս պահպանութեան տակ գտնուող ռազմագերիներու ցուցակը` հետագայ փոխանակումը ապահովելու նպատակով.
4.- Կողմերը գրաւոր պիտի ներկայացնեն 10 հոկտեմբերի միացեալ յայտարարութեան 2-րդ կէտին համապատասխան հրադադարի ստուգման հնարաւոր մեքանիզմներու հետ կապուած մեկնաբանութիւնները եւ հարցերը.
«Կողմերը միտքերու բաց եւ առարկայական փոխանակում ունեցեր են` ուղղուած համապարփակ կարգաւորման առանցքային տարրերու շուրջ իրենց բանակցային դիրքորոշումներու յստակացման` 10 հոկտեմբերի միացեալ յայտարարութեան 3-րդ կէտին համապատասխան: Համանախագահները պիտի շարունակեն աշխուժ աշխատանքը կողմերուն հետ` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու ուղղութեամբ», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Քաղուած «Ազդակ»էն։