Որոնել

Հայոց Ցեղասպանութիւն Հայոց Ցեղասպանութիւն 

Ցեղասպանագէտները Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործողութիւններուն մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնեն։

Իրենց յայտարարութեամբ ցեղասպանագէտները դատապարտած են Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմը

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան անդամները Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործողութիւններուն մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնեն

Ունկնդրէ լուրը

Հայ եւ օտար աւելի քան վաթսուն յայտնի ցեղասպանագէտներ, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան (International Association of Genocide Scholars) անդամները՝ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմին մէջ ցեղասպանութեան վտանգ կը տեսնեն: Այս մասին նշուած է անոնց տարածած յայտարարութեան մէջ:

Իրենց յայտարարութեամբ ցեղասպանագէտները դատապարտած են Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած պատերազմը եւ ցեղասպանութիւնը բացառելու միջոց ամարած են Արցախի հանրապետութեան ճանաչումը:

Անոնք պահանջած են միջազգային հանրութենէն ձեռնարկելու ուղղակի եւ լուրջ ջանքեր անմիջապէս կանգնեցնելու ազրպէյճանական յարձակումը, ինչպէս նաեւ հակահայկական պետական քարոզչութիւնը եւ ատելութիւնը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Ցեղասպանագէտները կոչ ըրած են բարձրացնելու իրենց ձայնը այլատեացութեան, յարձակման, պատերազմի դէմ եւ յանուն նոր ցեղասպանութեան կանխարգելման:

Ցեղասպանագէտները նշած են, որ պատերազմի ընթացքին երկու անգամ թիրախաւորուած է Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցին, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մշակութային ցեղասպանութեան քաղաքականութեան հետեւանքն է, որ այդ երկիրը կ՝իրականացնէ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին՝ պարբերաբար ոչնչացնելով հայկական մշակոյթի կոթողները, ինչպէս՝ Ճուլֆայի մէջ հայկական խաչքարերը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 06:34