Որոնել

Ռումբի մը բեկոր Ռումբի մը բեկոր 

«Մարդկային իրաւանց դէտ»ը եւս կը հաստատէ Պաքուի կողմէ արգիլուած ռումբերու օգտագործումը

Շեշտելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան ընթացքին քաղաքացիներու պաշտպանութեան պէտք է նախապատուութիւն տրուի, կազմակերպութիիւնը յայտնեց, որ ինք փաստագրած է արգիլուած ռումբերու օգտագործման առնուազն 4 պարագաներ,
Ունկնդրէ լուրը

ՊԵՐԼԻՆ․- 23 Հոկտեմբերին հրապարակուած տեղկագիրով մը (http://asbarez.com/197844), Մարդկային Իրաւանց Դէտ (Human Rights Watch) միջազգային կազմակերպութիւնը եւս հաստատեց, թէ Ատրպյէճանի զինուորական ուժերը իսրայէլեան արտադրութեամբ «քասեթային» կամ «քլասթըր» տեսակի արգիլուած ռումբեր գործած են Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դէմ։

Շեշտելով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան ընթացքին քաղաքացիներու պաշտպանութեան պէտք է նախապատուութիւն տրուի, կազմակերպութիիւնը յայտնեց, որ ինք փաստագրած է արգիլուած ռումբերու օգտագործման առնուազն 4 պարագաներ, սակայն յստակ է, որ Պաքու աւելի յաճախ օգտագործած է այդ ռումբերը։

Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Միջազգային Ներում (Amnesty International) կազմակերպութիւնը եւս հաստատած էր տարածաշրջանին մէջ «քասեթային» արգիլուած ռումբեր կիրառելու մասին տեղեկությունները։

«Քասթերային» ռումբերու օգտագործումը արգիլուած է միջազգային օրէնքներով, յատկապէս երբ անոնք քաղաքացիական բնակավայրերու դէմ կը գործածուին։ «Անոնց օգտագոծումը մարդկային իրաւանց անընդունելի անտեսում մըն է», յայտնեց Մարդկային Իրաւանց Դէտ կազմակերպութեան զէնքերու բաժանմունքի վարիչ Սթեֆըն Կուս։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2020, 07:02