Որոնել

Արցախի մէջ ռմբակոծում։ Արցախի մէջ ռմբակոծում։ 

Genocide Watch-ը Պաքուն կ՛ամբաստանէ պատերազմական ոճիրներու դիմելու յանցանքով

Քաղաքացիական բնակչութեան վրայ ատրպէյճանական ռազմական յարձակումները պատերարզմական յանցագործութիւններ են՝ Ժընեւի համաձանութիւններուն համապատասխան
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխարհի տարածքին ցեղասպանութեան վտանգի գնահատումով զբաղող հեղինակաւոր Genocide Watch կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանին «շնորհած է» ցեղասպանութեան սպառնալիքի եւ ժխտողականութեան բարձրագոյն աստիճանները:

Անդրադառնալով 27 Սեպտեմբերէն սկսեալ Պաքուի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծած պատերազմին՝ կազմակերպութիւնը գրած է. «Ատրպէյճան կ՛օգտագործէ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ մատակարարուող անօդաչու թռչող սարքեր՝ հայկական զօրքերը, գիւղերը եւ քաղաքացիական բնակչութիւնը ռմբակոծելու համար: Քաղաքացիական բնակչութեան վրայ ատրպէյճանական ռազմական յարձակումները պատերարզմական յանցագործութիւններ են՝ Ժընեւի համաձանութիւններուն համապատասխան»:

Կազմակերպութիւնը նաեւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ ատելութեան խօսքը պաշտօնապէս օգտագործելու Պաքուի կեցուածքները եւ պահանջեց ՄԱԿի Ապահովտանգութեան խորհուրդէն, որ Պաքուէն պահանջէ դադարեցնել Արցախի Հանրապետութեան դէմ բոլոր յարձակողական գործողութիւնները:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2020, 07:41