Որոնել

Փլատակ եկեղեցին Փլատակ եկեղեցին 

Ղանայի մէջ Աւետարանական եկեղեցի մը փուլ եկած է. կան 21 զոհ։

Առաջին անգամ չէ որ Ղանայի մէջ փուլ կու գայ եկեղեցի մը։ Նման աղէտ մը պատահած է 2016 թուականին ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անցեալ երեքշաբթի, Ղանայի Այքեմ Պաթապի քաղաքի մէջ փուլ եկած է աւետարանական եկեղեցի մը որուն պատճառաւ ցարդ արձանագրուած է 21 զոհ, որոնց շարքին 11 կին եւ մէկ մանուկ ։

Ունկնդրէ լուրը

Փլուզումէն վերապրած անձ մը, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած  է, թէ եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուէին 60 հաւատացեալներ։ Փլուզումի պատճառները տակաւին անյայտ են, սակայն կարգ մը տուեալներուն համաձայն, աղէտին պատճառը հաւանական է, որ կապուած ըլլայ շինարարական աշխատանքներուն թերիութեան։

Եկեղեցւոյ փլուզումէն անմիջապէս ետք աղէտի վայր փութացած են փրկարարները, որոնք 8 հոգի ողջ դուրս հանած են փլատակ  եկեղեցիէն։

Առաջին անգամ չէ, որ Ղանայի մէջ փուլ կու գայ եկեղեցի մը։ Նման աղէտ մը պատահած է 2016 թուականին երբ Նիճերիոյ մէջ աւետարանական համայնքի պատկան եկեղեցի մը փուլ եկած է, ծիսակատարութեան մը ընթացքին խլելով աւելի քան 116 հաւատացեալներուն կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2020, 11:30