Հադրութի ուղղութեամբ կը շարունակուի յարձակողական-հետախուզական խումբի ոչնչացման ռազմագործութիւնը
Հադրութի ուղղութեամբ կը շարունակուի ներթափանցած յարձակողական-հետախուզական խումբի շրջափակման եւ ոչնչացման ռազմագործութիւնը: Այս մասին Հոկտեմբեր 12-ին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ հերքելով ազրպէյճանական հերթական սուտ տեղեկութիւնը։
«Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւններ կը տարածեն, որ իբր Կարմիր Շուկայի ուղղութեամբ նահանջող ՊԲ ստորաբաժանումներուն հասցուած են հրետանային հարուածներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կան լուրջ կորուստներ: Ազրպէյճանական քարոզչամեքենան, սովորութեան համաձայն, կը խեղաթիւրէ իրականութիւնը՝ փորձելով ամէն գնով ապացուցել Հադրութը վերահսկողութեան տակ վերցնելու մասին Ի. Ալիեւի մերկապարանոց յայտարարութիւնը: ՊԲ ստորաբաժանումները՝ ռազմաճակատի ամբողջ երկարութեամբ՝ կը շարունակեն վստահօրէն կատարել առաջադրուած մարտական խնդիրները: ՊԲ ստորաբաժանումները միեւնոյն ժամանակ յաջողութեամբ կը կասեցնեն մարդասիրական հրադադարին չհետեւող ազրպէյճանական զինուժի յարձակողական գործողութիւններուն փորձերը: Հադրութի ուղղութեամբ կը շարունակուի ներթափանցած յարձակողական-հետախուզական խումբի շրջափակման եւ ոչնչացման ռազմագործութիւնը: Իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ լիարժէք վերահսկողութեան տակ: Մեր հայրենակիցներուն կը հորդորենք հետեւիլ բացառապէս պաշտօնական լրահոսին»,- կը նշեն Արցախի պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութենէն:
Քաղուած «Եռագոյն»էն։