Որոնել

հայ զինուորներ հայ զինուորներ 

Ամերիկեան միջնորդութեամբ «մարդասիրական հրադադար»-ի Համաձայնութիւն` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ

«Մարդասիրական հրադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէ 26 հոկտեմբեր 2020-ին, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8:00-ին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ միացեալ յայտարարութիւն մը` նշելով, որ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 24 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Սթեֆըն Ի. Պայկընի հետ եւ վերահաստատած երկիրներուն յանձնառութիւնը` «գործադրելու եւ յարգելու 10 հոկտեմբերին Մոսկուայի մէջ գոյացած եւ 17 հոկտեմբերին Փարիզէն վերահաստատուած մարդասիրական  հրադադարի համաձայնութիւնը` համաձայն 1 հոկտեմբեր 2020-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միացեալ յայտարարութեան:

«Մարդասիրական հրադադարը ուժի մէջ պիտի մտնէ 26 հոկտեմբեր 2020-ին, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Միացեալ Նահանգներ դիւրացուցին արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն միջեւ աշխուժ բանակցութիւնները` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը մօտեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման»:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ  Մնացականեանի, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթինի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 29 հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ: Այս մասին նշուած է համանախագահներու միացեալ յայտարարութեան մէջ:

«24 հոկտեմբերին համանախագահները Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցած են արտաքին գործոց  նախարարներու եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տեղակալ Սթեֆըն Պայկընի հետ միացեալ հանդիպումին: Հանդիպումներուն մասնակցած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:

Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են անյապաղ քայլերու  ձեռնարկելու 10 հոկտեմբերի Մոսկուայի միացեալ յայտարարութեան բոլոր կէտերու իրականացման ուղղութեամբ` իրենց պարտաւորութիւններուն համապատասխան, որոնք վերահաստատած են 18 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ: Համանախագահները նաեւ կողմերուն յիշեցուցած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` 1 հոկտեմբեր 2020-ի միացեալ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի միացեալ յայտարարութեան մասին: Նախարարները կողմերուն կոչ ուղղած էին անյապաղ դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները եւ վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ առարկայական բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակ համանախագահներու հովանիին ներքեւ:

Աշխուժ քննարկումներու ընթացքին համանախագահները եւ  արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են անյապաղ մարդասիրական հրադադարի իրականացումը, հրադադարի դիտարկման հաւանական չափորոշիչները եւ 10 հոկտեմբերի միացեալ յայտարարութեան համաձայն համապարփակ լուծման հիմնական էական տարրերու  քննարկման նախաձեռնումը: Համանախագահները եւ արտաքին գործոց նախարարները պայմանաւորուած են կրկին հանդիպիլ Ժընեւի մէջ 29 հոկտեմբերին` քննարկելու, ձեռք բերելու պայմանաւորուածութիւն եւ սկսելու համաձայնեցուած ժամկէտներու մէջ իրականացնել բոլոր այն քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ ընդունուած հիմնական սկզբունքներուն համապատասխան»,  նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ու պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանը այցելած են Արցախի հարաւարեւելեան հատուած: Այս մասին նախագահ Յարութիւնեանը գրած է Դիմատետրի իր էջին մէջ:

«Յարգելի՛  հայրենակիցներ, այսօր պաշտպանութեան նախարար Ջալալ Յարութիւնեանի եւ մեր երկրի անվտանգութեան համակարգի միւս պատասխանատուներուն հետ այցելած էինք հանրապետութեան հարաւարեւելեան հատուած: Այդտեղ քննարկած ենք այն հիմնական ընելիքները, որոնք պէտք է զսպեն թշնամիի լկտի եւ յարձակողապաշտ գործողութիւնները եւ անոր հասցնեն անդառնալի կորուստներ», գրած է նախագահ Յարութիւնեան:

Նախագահը աւելցուցած է, որ թէ՛ բանակը, թէ՛ աշխարհազօրը ամուր կանգնած են իրենց զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսական ջանքեր կը գործադրեն:

«Փա՛ռք մեր ժողովուրդի քաջազուն զաւակներուն, որոնց սխրանքներուն շնորհիւ ամուր կանգնած ենք մեր հողին», եզրափակած է Արցախի նախագահը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2020, 08:58