Որոնել

Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

«Կոչ կ՛ուղղենք արագօրէն կազմելու կառավարութիւն մը, որ փրկութեան ծրագիր մը մշակէ» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց մսխումին, պետական գումարներու իւրացումին եւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ բացումը կատարեց եկեղեցական սիւնհոդոսի աշխատանքներուն, որուն ընթացքին ան անհրաժեշտ նկատեց արագօրէն կազմել կառավարութիւն մը, որ նախորդներէն աւելի տարբեր ըլլայ եւ փրկութեան ծրագիր մը մշակէ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց մսխումին, պետական գումարներու իւրացումին եւ փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը:

Ան պահանջեց դատական իշխանութիւններու անկախ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին իշխանութիւններուն վերակառուցումը` սահմանադրութեան համաձայն:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2020, 08:34