Որոնել

«Արցախի հետ» հիմնարկը «Արցախի հետ» հիմնարկը 

Ժողովուրդիս Հետ, ժողովուրդիս համար. Հայ օգնութեան միութեան յայտարարութիւնը

Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութեան նպատակներէն է՝ «Յատուկ յատկացումներ կատարել սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթել՝ պատերազմներու, համաճարակներու եւ բնական աղէտներու ժամանակ»:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր առաքելութեան ընդմէջէն եղած է ու միշտ կը մնայ առաջնագիծի վրայ, մանաւանդ այն պահուն երբ որեւէ աղէտ կը սպառնայ մեր ազգի ու պետութեան ապահովութեանը։

Ունկնդրէ լուրը

Տարիներու ընթացքին շարունակաբար վստահած ենք մեր աշխարհասփիւռ համակիրներու նեցուկին, միասնաբար յաղթահարելու մեր ազգին դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Այս տարի ազգովին գտնուեցանք զանազան աղէտներու դէմ հանդիման։ Հ.Օ.Մ.-ի բազմազան կոչերուն ընդառաջելով, մեր համակիրներուն օժանդակութեամբ կարողացանք ձեռք երկարել մեր հայրենակիցներուն, որոնք, առ ի հետեւանք համաճարակին եւ ապա Լիբանանի ահաւոր պայթումին, մեր օգնութեան կարիքը ունէին։ Այսօր, դարձեալ կը դիմենք ձեզի, որպէսզի ձեր աջակցութեամբ եւ ներդրումով հասնինք Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն։

Կիրակի առաւօտեան (Արցախի ժամով), ադրպէյճանի վարչակարգը մեծ մաշտաբով պատերազմական գործողութիւններ իրագործեց Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ քաղաքացիներուն դէմ, արգելք հանդիսանալով անոնց Կիրակնօրեայ աղօթքին, խլելով անմեղ կեանքեր, վիրաւորելով հարիւրաւոր քաղաքացիներ եւ ռմբակոծելով բնակելի վայրեր ու դպրոցներ։ Բուռն կերպով կը դատապարտենք մարդկութեան դէմ այս արարքը եւ միաժամանակ անգամ մը եւս ձեր բոլորին կոչ կ՛ուղղենք, որպէսզի ձեր օժանդակութեամբ կարենանք մեր կարելին կատարել պաշտպանելու համար մեր պետականութիւնը եւ ձեռք երկարելու մեր զինուորներուն եւ ազգին։

Հ.Օ.Մ.-ի գործունէութեան նպատակներէն է՝ «Յատուկ յատկացումներ կատարել սնունդ, դեղորայք եւ հագուստեղէն հայթայթել՝ պատերազմներու, համաճարակներու եւ բնական աղէտներու ժամանակ»:

«Օժանդակել առողջապահական, կրթական եւ խնամատարական ծրագիրներու, որոնք կ՛օգնեն հայ զինուորներուն, մեր Ազգային Դատին ծառայողներու ընտանիքներուն․․․»։

Միացէ՛ք մեր ճիգերուն, որպէսզի միասնաբար հասնինք մեր նպատակին եւ օգտակար դառնանք Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։

Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար։

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2020, 07:50