Որոնել

Այն Քանա գիւղաքաղաքը Այն Քանա գիւղաքաղաքը 

Լիբանան. Ուժգին այլ պայթում մը ցնցեց Այն Քանա գիւղաքաղաքը

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, պայթումը արձանագրուած է Հըզպալլայի պատկանող բնակարանի մը մէջ` պատճառելով հսկայական քանդում:

Երէկ՝ 21 սեպտեմբեր 2020-ի յետմիջօրէին ուժգին պայթում մը ցնցեց հարաւային Լիբանանի Այն Քանա գիւղաքաղաքը:

Առաջին ժամերուն ընթացքին պայթումին պատճառներուն մասին ոչինչ յստակ դարձաւ:

Երեկոյեան ժամը 6:30-ին լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Այն Քանայի շէնքերէն մէկուն մէջ պայթում մը արձանագրուած է, եւ այդ պայթումին պատճառները գիտնալու իմաստով հետաքննութիւն բացուած է:

«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, պայթումը արձանագրուած է Հըզպալլայի պատկանող բնակարանի մը մէջ` պատճառելով հսկայական քանդում:

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ ապահովական աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, թէ հարաւային Լիբանանի պայթումը պատահած է Հըզպալլայի պատկանող զէնքի պահեստանոցի մը մէջ` թեքնիք խանգարումի պատճառով:

Ազգային լրատու գործակալութեան համաձայն, պայթումը արձանագրուած է իսրայէլեան օդուժի գործած թռիչքներուն ընթացքին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2020, 08:30