Որոնել

Այբուբէնը Այբուբէնը  

Հայերէնն ու հայագիտութիւնը պիտի դասաւանդուին օտարերկրեայ ուսումնական 10 հաստատութիւններու մէջ։

Ծրագրի իրագործման նպատակով ՀՀ պետական պիւտճէէն ֆինանսաւորումը մասնաւորապէս կ՝իրականացուի տուեալ համալսարանի եւ ՀՀ դեսպանութիւններուն միջեւ կնքուած յուշագրերու կամ համաձայնագրերու հիման վրայ։

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը պիւտճէի ֆինանսաւորումով էականօրէն ընդլայնած է հայերէնի եւ հայագիտական առարկաներու դասաւանդման աջակցութեան ծրագիրները:

Ունկնդրէ լուրը

2020–21 ուսումնական տարին պիտի իրականացուի 8 պետութեան 10 հաստատութիւններու մէջ՝ նախկին 4-ի փոխարէն՝ ներկայիս ընդգրկելով Փրակի Գարլովի (Չեխիայի Հանրապետութիւն), Պուխարեստի (Ռումանիա), Վենետիկի Գա՛Ֆոսգարի, Հռոմի Լա՛Սաբիենցա (Իտալիայի Հանրապետութիւն), Զալցպուրկի (Աւստրիայի Հանրապետութիւն), Գահիրէի (Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն), Արժանթինի Քենետի (Արժանթինի Հանրապետութիւն) համալսարանները, Բոդստամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանը եւ Հալլէի «Մեսրոպ» հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնը (Գերմանիայի Դաշնային Հանրապետութիւն), եւ Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական ուսումնարանը (Ռուսիոյ Դաշնութիւն): Ծրագրի իրագործման նպատակով ՀՀ պետական պիւտճէէն ֆինանսաւորումը մասնաւորապէս կ՝իրականացուի տուեալ համալսարանի եւ ՀՀ դեսպանութիւններուն միջեւ կնքուած յուշագրերու կամ համաձայնագրերու հիման վրայ։

Այս ծրագիրով ԿԳՄՄ նախարարութիւնը հետամուտ է աջակցելու հայերէնի եւ հայագիտութեան տարածման եւ ամրապնդման օտարերկրեայ պետութիւններու համալսարաններու եւ հետազօտական կեդրոններու մէջ։ Ասիկա լայն հնարաւորութիւն է ճանաչելի դարձնելու հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը, մեծցնելու միջազգային հեռաքրքրութիւնը մեր ժողովուրդի եւ մշակոյթի նկատմամբ, ինչպէս նաեւ տեղի հայ համայնքներու մէջ նպաստելու հայկական արժէքներու պահպանման:

Դասաւանդումը կ՝իրականացուի յատկապէս տեղի հայագիտական ոլորտի մարդուժին կողմէ, երբեմն նաեւ Հայաստանէն գործուղուած մասնագէտի միջոցով (Պուխարեսթի համալսարան):

2020 թ․ առաջին անգամ ֆինանսաւորուած են հետազօտական աշխատանքներ, որուն նպատակով յուշագիր ստորագրուած է Բոդստամի Լեփսիուսի տուն-թանգարանի հիմնարկի եւ Հալլէի «Մեսրոպ» հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնին հետ:

ԿԳՄՄՆ–ն հետեւողական աշխատանքներ կը տանի արտերկրին մէջ հայագիտութեան ցանցի ընդլայնման ուղղութեամբ:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2020, 08:47