Որոնել

Մեսրոպեան վարժարան Մեսրոպեան վարժարան 

Տիկին Ալիս Ներկիզեան կը հոգայ Մեսրոպեանի Մանկապարտէզի 150 աշակերտներուն կրթաթոշակները

Ազնուանալ տիկնոջ սոյն որոշումը հետեւեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու 24 Սեպտեմբերի յայտարարութեան, որմով Պատրիարքութիւնը կը հաղորդէր, որ 2020-2023` երեք յաջորդական տարեշրջաններուն Մեսրոպեան եւ Հարիւրբերանեան Խաչ վարժարաններու ծնողները իրենց զաւակներու կրթաթոշակին պիտի մասնակցին ընդամէնը մէկ երրորդով:
Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային ֆինանսական հանրութեան առաջնակարգ դէմքերէն, կրթական շարք մը նախաձեռնութիւններու հեղինակ եւ Մեսրոպեան վարժարանի երկարամեայ բարերար պարոն Վարուժ Ներկիզեանի մայրը` Տիկին Ալիս Ներկիզեան (Գանատա) Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հաղորդեց, որ յանձն կ'առնէ հոգալ վարժարանի Մանկապարտէզի բոլոր` 150 աշակերտներու այս տարեշրջանի կրթաթոշակները:                                                       

 

Ազնուափայլ տիկնոջ սոյն որոշումը հետեւեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու 24 Սեպտեմբերի յայտարարութեան, որմով Պատրիարքութիւնը կը հաղորդէր, որ 2020-2023` երեք յաջորդական տարեշրջաններուն Մեսրոպեան եւ Հարպոյեան-Սուրբ Խաչ վարժարաններու ծնողները իրենց զաւակներու կրթաթոշակին պիտի մասնակցին ընդամէնը մէկ երրորդով:                                 

Մեսրոպեանի տնօրէնութիւնը կրթական ամբողջ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն կը յայտնէ տիկին Ալիս Ներկիզեանին, վարժարանի Մանկապարտէզին եւ աշակերտներու ծնողներուն ցուցաբերած օգնութեան համար, որուն կարեւորութիւնը, նիւթական թէ բարոյական առումներով, անգնահատելիլ է ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ: Մեր աղօթքներով կը հայցենք, որ Զմմառու Տիրամօր պահպանութիւնը միշտ հովանի մնայ իրեն, պարգեւելով քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւն:  

Յիշեցնենք, որ Ալիս Ներկիզեանի անունը կը կրէ Մեսրոպեանի մանկամսուրը, որ քանի մը տարի առաջ հիմնովին բարեկարգուեցաւ Վարուժ Ներկիզեանի օժանդակութեամբ: 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան
ի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2020, 08:12