Որոնել

Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ հայկական խաչքար մը օծուեցաւ Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ հայկական խաչքար մը օծուեցաւ  

Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ հայկական խաչքար մը օծուեցաւ

«Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս․ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ օծուած խաչքարը դարձած է ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակի խորհրդանիշը»:

ՔԻԵՒ.- Արեւելեան Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազմոլ շրջանին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին օծման արարողութիւն, կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը, աւելցնելով. «Ուքրանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս․ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ օծուած խաչքարը դարձած է ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակի խորհրդանիշը»:

Ունկնդրէ լուրը

Ըստ Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեանի՝ յուշարձանին տեղադրումը նախաձեռնած է Պերտեանսքի հայերու միութեան նախագահ Յովհաննէս Աւդալեան:

«Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը կազմակերպած է Հայաստանէն բերուած առաւել քան 25 խաչքարերու տեղադրումը. անոնցմէ մէկն ալ այժմ Պերդեանսքի մէջ է», յայտնեց Յովակիմ Յարութիւնեան:

Աւդալեան իր կարգին ընդգծեց, որ խաչքարին տեղադրումը նախատեսուած էր այս տարուան գարնան, սակայն համաճարակին պատճառով յետաձգուեցաւ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2020, 07:42