Հայաստանի մէջ այսօր՝ 1 սեպտեմբերին հաստատուած է «Քորոնա»ով վարակուած 97 նոր դէպք։ Այսպիսով «Քորոնա»ով վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը հասնի 43 878-ի, որոնցմէ բուժուած է 38 563 անձ։
Փաստացի, այս պահուն, կը բուժուի 4373:
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշելով նաեւ, որ համավարակի սկիզբէն ի վեր Հայաստանի մահացածներուն թիւը հասած է 881-ի։ Մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած է 2 քաղաքացի:
Ինչ կը վերաբերի այսօր առողջացածներու թիւին ապա այն 634-ն է։
Քաղուած «Արեւելք» էն