Որոնել

Մոմավառութիւն։ Մոմավառութիւն։ 

Այժմեան Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մէջ Սբ․ Աստուածածինի տօնին պատարագ պիտի մատուցէ Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը

Պատարագի ժամանակ, առաջին անգամ, պիտի ճաշակեն այս տարուան օրհնուած խաղողը, այնուհետեւ՝ մուսալեռցիներու աւանդական հարիսան։

Այժմեան Թուրքիոյ միակ հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ, ամէն տարի, Օգոստոսի երկրորդ Կիրակի օրը, կը նշուի Սուրբ Մայր Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Վաքըֆի Մայր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի խաղողօրհնէքի ծիսական արարողութիւն:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը Ermenihaber.am-էն կը տեղեկանայ, որ Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան, Օգոստոս 16-ի Սուրբ պատարագը մատուցելու համար պիտի մեկնի Վաքըֆ։

Նշենք, որ «քորոնա» ժահրի իրավիճակէն մեկնած՝ այս տարուան մատուցուելիք պատարագին ներկայ պիտի գտնուին միայն Թուրքիա բնակող հայերը։

Պատարագի ժամանակ, առաջին անգամ, պիտի ճաշակեն այս տարուան օրհնուած խաղողը, այնուհետեւ՝ մուսալեռցիներու աւանդական հարիսան։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2020, 10:44