Որոնել

Խորայի եկեղեցիէն առնուած լուսանկար Խորայի եկեղեցիէն առնուած լուսանկար 

Ս. Սոֆիայէն ետք Պոլսոյ մէջ մզկիթի վերածուած է 6-րդ դարու բիւզանդական եկեղեցին

Ինչպէս Ս. Սոֆիան, այնպէս ալ այս եկեղեցին թրքական հանրապետութեան հռչակումէն ետք Աթաթուրքի աշխարհիկ հայեցակարգի լոյսին տակ կը դադրին ծառայել իբրեւ մզկիթ:

Պոլսոյ Ֆաթիհ թաղամասին մէջ գտնուող` բիւզանդական ժամանակներէն մնացած Խորայի եկեղեցին, որ Թուրքիոյ մէջ յայտնի է իբրեւ Քարիէ մզկիթ, վերաբացուած է եւ պիտի ծառայէ իբրեւ իսլամներու աղօթատեղի. Թուրքիոյ նախագահին այս որոշումը հրապարակուած է երկրի պետական «Ռեսմի Կազեթէ» կայքին վրայ:

Ունկնդրէ լուրը

6-րդ դարուն կառուցուած բիւզանդական եկեղեցին 1511 թուականին Պայազիտ սուլթանի սատրազամ Աթիք Ալի Փաշայի կողմէ վերածուած է մզկիթի` «Աթիք Ալի Փաշա մզկիթ» կամ «Քարիէ մզկիթ» անունով:

Ինչպէս Ս. Սոֆիան, այնպէս ալ այս եկեղեցին թրքական հանրապետութեան հռչակումէն ետք Աթաթուրքի աշխարհիկ հայեցակարգի լոյսին տակ կը դադրին ծառայել իբրեւ մզկիթ: 1945-ին մզկիթը կը դառնայ թանգարան:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2020, 10:26