Որոնել

Պէյրութը աղէտի գօտի Պէյրութը աղէտի գօտի 

Պէյրութը աղէտի գօտի. 135 զոհ, 5000 վիրաւոր եւ 80 անյայտ կորսուած

Եռօրեայ սուգի մթնոլորտին մէջ լիբանանցին շարունակեց հաւաքել պայթումին գործած աւերները` քանդուած դռներ, պատուհաններ, փլած պատեր եւ մայթերը «զարդարած» ցուցափեղկերու փշրանքներ:

Անտարակոյս Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցած հսկայական պայթումին ազդեցութիւնը պիտի ըլլայ երկարատեւ, իսկ այդ պայթումին հետեւանքները արդէն իսկ սկսան երեւան գալ երէկ առաւօտեան, երբ մարդիկ արթնցան նկատելու պայթումին երկրաշարժային տարողութիւնը:

Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ շարունակուեցան անյայտ կորսուածները փնտռելու, ինչպէս նաեւ պայթումին դրդապատճառները բացայայտելու աշխատանքները:

Փրկարար աշխատանքներու շրջագիծին մէջ երէկ կարելի եղաւ աւերակներուն տակէն փրկել Քաղաքացիական պաշտպանութեան կամաւոր մը եւ երեխայ մը, ինչպէս նաեւ կէս գիշերին ծովէն կարելի եղաւ դուրս բերել այլ քաղաքացի մը, որ ողջ էր:

Եռօրեայ սուգի մթնոլորտին մէջ լիբանանցին շարունակեց հաւաքել պայթումին գործած աւերները` քանդուած դռներ, պատուհաններ, փլած պատեր եւ մայթերը «զարդարած» ցուցափեղկերու փշրանքներ:

Ամէնուրեք յուսախաբութիւն, գունատ դէմքեր, վախ ամբարած աչքեր ու տխուր հայեացքներ:

«Փառք Աստուծոյ», «Անցած ըլլայ»,  «Կարեւորը ողջ էք», «Բարի ապաքինում» արտայայտութիւնները եղած են այս օրերու բարեւելու հիմնական չորս նոր ձեւերն ու մեթոտները:

Պէյրութի հսկայայկան պայթումին իբրեւ հետեւանք, լիբանանահայութիւնը եւս ունեցաւ իր մարդկային ծանր կորուստները. ցարդ արձանագրուած են 11 զոհեր եւ 250 վիրաւորներ:

Լիբանանահայ նահատակներն են. Տելիա Կէտիկեան-Յակոբեան, Ճեսիքա Պեզճեան, Շանթ Յակոբեան, Նազար Նաճարեան, Անահիտ Պէրպէրեան, Ժաք Պարամաքեան, Ալիս Պալեան-Տէկիրմենճեան, Լիզա Գաւուքճեան-Կէօզիւպէօյիւքեան, Կայա Ֆուտուլեան եւ Վարուժ Թոսունեան:

Մինչ մայրաքաղաքն ու արուարձանները կը փորձեն հասկնալ պատահածը, իրենց վէրքերը ամոքել, անյայտ կորսուածները գտնել եւ նահատակները հողին յանձնել, այսօր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կը հասնի Լիբանան, ուր իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ լիբանանցի պատասխանատուներուն:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ այցելեց Քարանթինայի կառավարական հիւանդանոց, ուր ծանօթացաւ վնասներուն եւ ընդհանուր գնահատումի իր կեցուածքը եղաւ, որ հիւանդանոցը պէտք է ամբողջովին նոր կառուցուի:

Միւս կողմէ, Հասան յայտնեց, որ նաւահանգիստի պայթումը պատճառած է 135 զոհ, աւելի քան հինգ հազար վիրաւոր, ինչպէս նաեւ կան 80 անյայտ կորսուածներ:

Հասան շեշտեց, որ Լիբանան հասնող բոլոր օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին պետական եւ կառավարական հիւանդանոցներուն:

Ան աւելցուց, որ նախարարութիւնը պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է իրեն պատկանող դեղորայքի եւ բժշկական սարքաւորումներու պահեստը բանակին պահեստանոցներուն մէջ ամբարելու` նկատի ունենալով, որ առողջապահութեան նախարարութեան պահեստանոցները հսկայ վնասներ կրած են պայթումին պատճառով:

Հասան ընդգծեց, որ կան 6 դաշտային հիւանդանոցներ, որոնցմէ երկուքը պիտի զետեղուին Հատասի համալսարանական համալիրին մէջ, մէկը` Քարանթինայի քանդուած հիւանդանոցին կողքին, մէկը` Պիելի մէջ, իսկ մնացեալ երկուքը ըստ կարիքի պիտի օգտագործուին:

Լիբանան Հասան Մեծ Թիւով Օժանդակութիւններ

Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայան հասան երեք ֆրանսական օդանաւեր, որոնք մեծ թիւով օժանդակութիւն տրամադրեցին լիբանանեան պետութեան:

Քաթար անմիջապէս ուղարկեց իր խոստացած դաշտային հիւանդանոցները, ինչպէս նաեւ բժշկական այլ օժանդակութիւններ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն կողմէ Լիբանան հասաւ 30 թոն կշռող օժանդակութիւն, որուն մեծ մասը` բժշկական պիտոյք:

Կէս գիշերին Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ նաեւ Լիբանանին օժանդակութիւն փոխադրող իրանեան օդանաւ մը:

Երեկոյեան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ռեմոն Ղաժար յայտնեց, որ կայ «Կազ օյլ»-ի 22 բեռնատար, որոնք յառաջիկայ օրերուն Իրաքէն պիտի հասնին Լիբանան:

Ան աւելցուց, որ Իրաքի ուժանիւթի նախարարը երէկ հասած է Լիբանան` իրեն հետ ունենալով 15 բժիշկներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ 20 թոն սննդեղէն:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2020, 09:37