Որոնել

Վարչապետ Տիապ եւ Նախագահ Աուն Վարչապետ Տիապ եւ Նախագահ Աուն 

Լիբանանի Կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ։ Տիապ. «Փտածութեան համակարգը աւելի մեծ է, քան` Պետութիւնը»

Իր խօսքի աւարտին Տիապ կառավարութիւնը հրաժարած յայտարարեց` երեք անգամ կրկնելով «Աստուած փրկէ Լիբանանը» մաղթանքը:
Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի կառավարութիւնը ամբողջ կազմով հրաժարական տուած է՝ Օգոստոս 4-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով։ 

Երեկոյեան ժամը 7:30-ին Տիապ վարչապետարանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ փտածութեան համակարգը աւելի մեծ է, քան` պետութիւնը, «իսկ պետութեան ձեռքերը կապկապուած են այդ համակարգով, որուն կարելի չէ դիմադրել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ անկէ ձերբազատիլ: Այդ փտածութեան օրինակներէն մէկը պայթեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ», ըսաւ ան:

Տիապ հաստատեց, որ այս աղէտին տարողութիւնը հսկայական է եւ կարելի չէ նկարագրել, «սակայն ոմանք հետաքրքրուած են միայն քաղաքական կէտեր արձանագրելով եւ ամբոխահաճոյ եւ ընտրական ճառեր արտասանելով», ըսաւ ան:

Տիապ նշեց, որ իր կառավարութիւնը փորձած են պատասխանատու նկատել Լիբանանի նիւթական պարտքին եւ տնտեսական տագնապին` աւելցնելով, որ այս կառավարութիւնը փորձեց ընթացագիծ մը ճշդել` երկիրը իր տագնապներէն դուրս բերելու իմաստով:

«Լիբանանի մէջ կան մարդիկ, որոնք ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելով, սադրանքներ նախապատրաստելով եւ ժողովուրդին արեամբ առեւտուր կատարելով կը զբաղին», հաստատեց ան:

Իր խօսքի աւարտին Տիապ կառավարութիւնը հրաժարած յայտարարեց` երեք անգամ կրկնելով «Աստուած փրկէ Լիբանանը» մաղթանքը:

Ապա Տիապ ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր ան իր կառավարութեան հրաժարականը ներկայացուց նախագահ Աունի:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2020, 08:00