Որոնել

Հիւանդապահներ Հիւանդապահներ 

Եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ վարակումներու թիւերը դարձեալ կը սկսին բարձրանալ

Վարակումներու մտահոգիչ աճեր արձանագրուեցան Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։

Քորոնա» ժահրի վարակումներու թիւերուն նուազումին շնորհիւ, մեկուսացման պայմանները մեղմացուցած շարք մը երկիրներու մէջ, Ապրիլէն ի վեր վարակումներու մեծագոյն թիւերը արձանագրուեցան այս շաբթուան ընթացքին՝ ցոյց տալով, որ վարակը պատրաստ է շահագործելու անուշադրութեան նուազագոյն պարագան։

Ունկնդրէ լուրը

Վարակումներու մտահոգիչ աճեր արձանագրուեցան Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։

Միւս կողմէ, Հնդկաստանի մէջ մէկ օրուան մէջ վարակումներու յայտնաբերման նոր մրցանիշ հաստատուեցաւ 20 Օգոստոսին (69,652)։

Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները այս շաբաթ հաղորդեցին, որ վարակումներու, մահերու եւ հիւանդանոցներու մէջ դարմանուողներու թիւերը կը շարունակեն կայունանալ։

Նշենք, որ գաւառին տարածքին ցարդ արձանագրուած են մօտաւորապէս 226,000 վարակումներ եւ 5392 մահեր: Քալիֆորնիոյ տարածքին արձանագրուած են մօտաւորապէս 648,000 վարակումներ եւ 11,692 մահեր:

Մօտաւորապէս 5.7 միլիոն վարակակիրներով եւ 176,000 մահերով աշխարհի առաջինը հանդիսացող Միացեալ Նահագներուն կը յաջորդեն Պրազիլ, Հնդկաստան եւ Ռուսիա, ուր կան յաջորդաբար 3.5 միլիոն, 2.9 միլիոն եւ 942,106 վարակուածներ: Նաեւ, Պրազիլի մէջ արձանագրուած են 111,443 մահեր, Մեքսիքայի մէջ՝ 58,481, իսկ Հնդկաստանի մէջ՝ 54,948:

Աշխարհի տարածքին վարակուածներու մօտաւոր թիւը 22.7 միլիոն է, իսկ մահերունը՝ 793,000: Ապաքինած են 15.4 միլիոն վարակուածներ:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2020, 09:24