Որոնել

Հայաստանի մէջ դիմակ կրած երիտասարդուհի Հայաստանի մէջ դիմակ կրած երիտասարդուհի 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրի 210 նոր պարագաներ

Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած են 833 անձեր։

19 Օգոստոսի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած «Քորոնա» ժահրի վարակակիրներուն ընդհանուր թիւը հասած է 42,056ի, որոնցմէ 35,226ը ապաքինած են:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին կը նշուի Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին վրայ:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ ներկայ դրութեամբ կը բուժուին 5748 վարակակիրներ: Վերջին 24 ժամերուն ընթացքին կատարուած են 1906 քննութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ` 188,567: Այսպիսով, կան «Քորոնա» հիւանդութեամբ հաստատուած 210 նոր պարագաներ եւ 244 առողջացածներ:

Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահացած են 833 անձեր։

Քաղուած «Ասպարէզ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2020, 09:41