Որոնել

Քորոն ժահրի քննութիւն Քորոն ժահրի քննութիւն 

203 նոր դէպք. «Քորոնա» ժահրով հիւանդներու թիւը հասաւ 5 153-ի

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 75 (կին), 98 (կին) եւ 80 (կին) տարեկան: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Հայաստանի մէջ, 27 Օգոստոսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 43 270 դէպք, որոնցմէ 36 988-ը` առողջացած:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 5 153 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 200 507 քննութիւն:

Այսպիսով` ունինք «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 203 նոր դէպք եւ 262 առողջացած։

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 3 նոր դէպք (ընդհանուր մահերու թիւը հասաւ՝ 864):

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են  75 (կին), 98 (կին) եւ 80 (կին) տարեկան: Անոնք ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Արձանագրուած է մաճուան եւս 1 դէպք, երբ հիւանդներուն մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով։ Այդպիսի դէպքերու ընդհանուր թիւը 265 է:

Քաղուած «Արեւեք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/08/2020, 10:20