Երկուշաբթի, 10 օգոստոսին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի նուիրատուներու «Պէյրութի եւ լիբանանցի ժողովուրդի աջակցութեան խորհրդաժողով»ը՝ կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ հովանաւորութեամբ ՄԱԿին: Առցանց խորհրդաժողովին մասնակցեցան 36 երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Խորհրդաժողովէն ետք, նախագահ Մաքրոնի գրասենեակը յայտարարեց, որ Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան համար ստացուած է շուրջ 253 միլիոն եուրոյի (298 միլիոն տոլար) խոստում:
Քաղուած «Ասպարէզ»էն։