Որոնել

Այա Սոֆիան Այա Սոֆիան 

Էրտողան ստորագրեց Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու հրամանագիրը։

Թուրքիոյ Գերագոյն Վարչական Դատարանը ջնջեց Այա Սոֆիան մզկիթէ թանգարանի վերածելու 1934-ի որոշումը.
Ունկնդրէ լուրը

Թուրքիոյ գերագոյն վարչական դատարանը երէկ ջնջեց Ս. Սոֆիան թանգարանի վերածելու Թուրքիոյ կառավարութեան 1934 թուականի որոշումը` այդպիսով ճամբան հարթելով զայն մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մտադրութեան գործադրութեան առջեւ:

«Կրիքսիթիթայմզ» կայքը հաղորդեց, որ Էրտողանի գաղտնի խորհրդականը եղող թուրք լրագրող Մեհմեթ Արըչ «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, թէ դատարանը միաձայնութեամբ ջնջած է 27 նոյեմբեր 1934-ի որոշումը:

Դատարանի որոշումի հրապարակումէն անմիջապէս ետք Էրտողան ստորագրեց Ս.  Սոֆիան մզկիթի վերածելու հրամանագիրը:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Յունաստան կը քննադատէ Այա Սոֆիայի կարգավիճակը փոխելու վերաբերող Էրտողանի որոշումը` զայն նկատելով միջազգային ընտանիքին ուղղուած «բացայայտ գրգռութիւն մը»:

Ռուսիոյ ուղղափառ եկեղեցին իր կարգին ցաւ յայտնեց, որ թրքական դատարանը Ս. Սոֆիայի թանգարանի կարգավիճակը ջնջելու իր որոշումին մէջ ականջ չէ տուած «միլիոնաւոր քրիստոնեաներու մտավախութիւններու»:

Նախքան այդ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով` յայտնեց. «Ս. Սոֆիայի տաճարի վերաբերեալ իր որոշումով Էրտողան ցոյց կու տայ, որ յարգանք չունի այս հողի բազմադարեայ պատմութեան եւ ինքնութիւններու բազմազանութեան նկատմամբ: Ս. Սոֆիայի տաճարը պէտք է դադրի միջկրօնական խնդիր ըլլալ եւ պահպանուի թանգարանի կարգավիճակով` իբրեւ մարդկութեան համաշխարհային ժառանգութիւն»:

Երուսաղէմի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Թէոֆիլոս Գ. եւ Ռումանիոյ պատրիարք Դանիէլ` Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլին միանալով, մտահոգութիւն յայտնած են Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարը մզկիթի վերածելու` թրքական իշխանութիւններու որոշումին առնչութեամբ:

«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ` Երուսաղէմի պատրիարքը, վկայակոչելով այն, որ տաճարը շուրջ հարիւր տարի թանգարանի կարգավիճակ ունեցած է, յոյս յայտնած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ի վերջոյ կը յարգեն տաճարին ներկայ` թանգարանի կարգավիճակը եւ կը հրաժարին զայն մզկիթի վերածելու որոշումէն:

Ռումանիոյ պատրիարքն ալ յայտարարած է, թէ Ս. Սոֆիա տաճարը քրիստոնէական քաղաքակրթութեան ու հաւատքի խորհրդանիշն է` ընդգծելով ատոր մշակութային բացառիկ նշանակութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Ս. Սոֆիա տաճարը թանգարանէն մզկիթի վերածելու համար կը սպասէ երկիրի գերագոյն վարչական դատարանի որոշումին:

Միւս կողմէ` ԵՈՒՆԵՍՔՕ յայտնեց, որ զինք պէտք է տեղեակ պահել Ս. Սոֆիա տաճարի թանգարանի կարգավիճակի որեւէ փոփոխութեան մասին`  աւելցնելով, որ Համաշխարհային ժառանգութեան յանձնախումբը թերեւս պէտք է քննէ այդ փոփոխութիւնը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ նշեց, որ Ս. Սոֆիան իր Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ ներառուած է իբրեւ թանգարան, եւ այդ պատճառով որոշ յանձնառութիւններ եւ իրաւաբանական խոստումներ ունի: «Ուստի պէտք է պետութիւնը վստահ ըլլայ, որ պիտի չկատարէ բարեփոխում մը, որ վնասակար ըլլայ իր հողերուն վրայ գտնուող եւ տուեալ ցանկին  վրայ ներառուած վայրի մը համաշխարհային ակներեւ արժէքին հանգամանքին», նշեց կազմակերպութիւնը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ յայտնեց, որ իր մտավախութիւնները քանի մը նամակներով փոխանցած է թրքական իշխանութիւններուն եւ այս պատգամը հինգշաբթի օր փոխանցած են կազմակերպութեան մէջ Թուրքիոյ դեսպանին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2020, 09:19