Որոնել

Հայաստան - Ազրպէյճան սահմանի վրայ զինեալ փախում Հայաստան - Ազրպէյճան սահմանի վրայ զինեալ փախում 

Հայաստան - Ազրպէյճան լարուածութիւն: Միջազգային կոչեր անմիջապէս դադրեցնելու ուժի կիրարկումը եւ խստօրէն պահպանելու զինադուլը

Մինչ Թուրքիա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ «Ազրպէյճանի համար զոհուելու» եւ «ատրպէյճանական բանակին կողքին կանգնիլ ընդդէմ Հայաստանի», Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտարարեց, որ իր երկիրը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ ուժի կիրարկումը:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Աշխարհը մտահոգութեամբ կը հետեւի մինչեւ օրս 16 զոհեր պատճառած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ յառաջացած լարուածութեան, որուն առնչութեամբ կը կրկնապատկուին «զինադադարի» կոչերը։

Անոնց շարքին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), որ լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով կացութեան նկատմամբ կոչ ուղղած է «անյապաղ դադրեցնելու ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ կրակոցը», ցաւակցութիւններ յայտնելով  մահացածներու հարազատներուն եւ մտերիմներուն, ու  շուտափոյթ ապաքինում վիրաւորներուն։

Ռուսիա եւս՝ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքովի միջոցաւ, խոր մտահոգութիւն արտայայտած  է  հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակով` կողմերուն կոչ ուղղելով զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ զինադադար հաստատելու։

«Ռուսիա՝ իբրեւ Մինսկի խմբակի համանախագահ, պատրաստ է լուծման համար միջնորդական ջանքեր գործադրելու», յայտնած է այդ ուղղութեամբ  Փեսքով ։

 Մինչ Թուրքիա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ  «Ազրպէյճանի համար զոհուելու» եւ «ատրպէյճանական բանակին կողքին կանգնիլ ընդդէմ Հայաստանի», Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մորկըն Օրթակուս յայտարարեց, որ իր երկիրը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ ուժի կիրարկումը:

«Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս դադրեցնելու ուժի կիրարկումը եւ օգտագործելու գոյութիւն ունեցող կապի միջոցները` իրավիճակի հետագայ սրումէն խուսափելու եւ խստօրէն պահպանելու համար զինադուլը», շեշտեց ան:

Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, հաւատարիմ կը մնան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի երկարատեւ, խաղաղ լուծման հասնելու հարցին մէջ կողմերուն աջակցելու յանձնառութեան եւ կը շարունակեն աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ այդ նպատակին հասնելուն ուղղուած ջանքերուն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տուժարիք յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես եւս խորապէս մտահոգուած է Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ ծանր զէնքերու կիրարկումով եւ ատոր պատճառով արձանագրուած կորուստներով:

«Ընդհանուր քարտուղարը կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, կողմերը կը յորդորէ անմիջապէս կացութիւնը կայունացնելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու եւ զերծ մնալու հրահրող հռետորաբանութենէն», նշուած է այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Կութիերես իր լիակատար աջակցութիւնը յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակի յաղթահարման եւ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ, բանակցութեան ճամբով լուծում գտնելու ուղղուած ջանքերուն:

Իտալիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Մասիմիլիանօ Քափիթանիօ համերաշխութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին` ակնկալելով արագ վերադարձ խաղաղութեան:

«Ես իմ համերաշխութիւնս կը յայտնեմ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Իբրեւ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար, ես կ՛ակնկալեմ արագ վերադարձ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ լիակատար յարգանք իրաւունքներու, պատմութեան եւ ինքնութեան նկատմամբ», գրած է Քափիթանիօ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2020, 09:49