Որոնել

Սուրբ Սոֆիա Տաճարը Սուրբ Սոֆիա Տաճարը 

Սուրբ Սոֆիայի տաճարը պէտք է բաց ըլլայ բոլորի Համար. Ֆրանսայի ԱԳՆ։

«Հանդուրժողականութեան եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ այս վայրը պէտք է բաց մնայ բոլորի համար»,- յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի տաճարը, որ 6-րդ դարուն կառուցուած է իբրեւ քրիստոնէական տաճար, պէտք է բաց ըլլայ բոլորի համար: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Tert.am-էն, որ կը վկայակոչէ Reuters-ը:

Ունկնդրէ լուրը

«Հանդուրժողականութեան եւ բազմազանութեան խորհրդանիշ այս վայրը պէտք է բաց մնայ բոլորի համար»,- յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ գերագոյն դատարանը յայտարարած էր, որ Պոլսոյ Սուրբ Սոֆիայի տաճարին կարգավիճակը կրնայ փոխուիլ երկրի նախագահին հրամանագրով:
Իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը օգնականները յանձնարարած էր Սուրբ Սոֆիայի տաճարը թանգարանէն մզկիթի կարգավիճակի վերափոխելու մասին բազմակողմանի ուսումնասիրութիւն կատարել:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2020, 12:03