Որոնել

Մոմ,  խունկ եւ աղօթք Մոմ, խունկ եւ աղօթք 

«Տէր Ողորմեա»ի աղօթք Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան ու խաղաղութեան համար։

Կիրակի, 19 Յուլիսին, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման եւ Հայոց Բանակի հզօրացման ու ապահովութեան համար։

ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ատրպէյճանի դատապարտելի վերջին ոտնձգութիւններուն եւ Հայաստանի սահմանագլուխին քաղաքային կառոյցներու ու բնակչութեան վրայ յարձակումներուն հետեւանքներուն պատճառով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 19 Յուլիսին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման եւ Հայոց Բանակի հզօրացման ու ապահովութեան համար։

«Կ՛աղօթենք մեր նահատակ հերոսներու հոգիներուն խաղաղութեան եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինման համար: Թող Աստուած ուժ ու կորով տայ մեր քաջարի բանակին ու հայ ժողովուրդին», կ՛ըսուի Ազգային առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 08:00