Որոնել

ՄԱԿ ՄԱԿ 

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները Հայ-Ատրպէյճանական սահմանին։

«Գլխաւոր քարտուղարը անհանգստութիւն կը յայտնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տարբեր զէնքերու, որոնց շարքին նաեւ ծանր զինատեսակներու օգտագործմամբ փոխհրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւններու առնչութեամբ»։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Սթեֆան Տիւժարիք հանդէս եկած է մեկնաբանութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին բախումներու վերաբերեալ` ներկայացնելով գլխաւոր քարտուղարի մտահոգութիւնը: «Արմենփրես» կը ներկայացնէ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչին մեկնաբանութիւնը․

Ունկնդրէ լուրը

«Գլխաւոր քարտուղարը անհանգստութիւն կը յայտնէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տարբեր զէնքերու, որոնց շարքին նաեւ ծանր զինատեսակներու օգտագործմամբ փոխհրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւններու առնչութեամբ,  որոնք, ինչպէս կը հաղորդուի, յանգեցուցած են մարդկային կորուստներու: Գլխաւոր քարտուղարը կոչ կ՛ընէ անյապաղ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները, բոլոր ներգրաւուած կողմերուն կոչ կ՛ընէ քայլեր ձեռնարկելու լարուածութիւնը թուլացնելու եւ սադրիչ հռետորաբանութենէն զերծ մնալու ուղղութեամբ:

Գլխաւոր քարտուղարը ի գիտութիւն ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն յայտարարութիւնը եւ կրկին իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ այս վտանգաւոր իրավիճակը կարգաւորելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ, բանակցային ճամապարհով լուծումներ փնտռելու անոնց ջանքերուն»:

Քաղուած «Եռագոյն»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2020, 09:29