Որոնել

 Փարիզի Նոթր Տամ եկեղեցին Փարիզի Նոթր Տամ եկեղեցին 

Փարիզի Նոթր Տամի նորոգութեան ծախսերը կրկնապատկուած։

2019 թուականի մեծ հրդեհէն ետք արաստաղները հալած էին, շրջապատը վտանգելով կապարի քանակի աճումով։ Միայն այդ խնդրի հայող ծախսերը կը հասնին 21 միլիոն Եւրոյի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Փարիզի Նոթր Տամ տաճարի նորոգութիւններու ծախսը արդէն առաջին փուլին կը կրկնապատկուին, հասնելով 165 միլիոն Եւրոյի։ Ըստ «La Croix» լրագրին, տաճարի ապահովութեան, ամրացումի եւ մաքրութեան աշխատանքներու ծախսը վերանայուած է։ Նախապէս ան գնահատուած էր 80 միլիոն Եւրոյով։

Ունկնդրէ լուրը

2019 թուականի մեծ հրդեհէն ետք արաստաղները հալած էին, շրջապատը վտանգելով կապարի քանակի աճումով։ Միայն այդ խնդրի հայող ծախսերը կը հասնին 21 միլիոն Եւրոյի։

Ցարդ 833 միլիոն Եւրոյի նուիրատուութիւններ խոստացուած են տաճարի վերակառուցման համար։ Այս գումարին կʼաւելնայ Փարիզ քաղաքի տրամադրած շուրջ 70 միլիոն Եւրոն։

2019 թուականի ապրիլ ամսոյն կէսերուն մեծ հրդեհ մը կործանած է աշխարհահռչակ կառոյցի որոշ մասերը։ Նախագահ Մաքրոն կʼուզէ որ վերակառուցման աշխատանքները աւարտին 2024 թուականին։ Համաճարակի պատճառով կարճ ժամանակով ընդհատուած աշխատքնքները վերսկսած են տարւոյս ապրիլ ամսոյն կէսերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2020, 08:06