Որոնել

Նելսոն Մանտելա Նելսոն Մանտելա 

''Նելսոն Մանտելա'' միջազգային օր։

Մանտելա ռահվիրայ մը, պաշտամունքի արժանի տիպար ու խորհրդանիշ դարձաւ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար, Ափրիկէէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

«Ազատ ըլլալ չի նշանակեր պարզապէս շղթաները կոտրել, այլ ապրիլ յարգելով եւ շեշտադրելով ուրիշներու ազատութիւնը»։ «Ոչ մէկը ծնած է ստրուկ,  ոչ տէր եւ ոչ ալ թշուառութեան մէջ ապրելու համար, բոլորս ալ ծնած ենք իրար եղբայրներ»։ Խօսքերն են ասոնք Նելսոն Մանտելային, Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակակիրը որուն յիշատակին՝ 2010-ին Մակի որոշումով հաստատուեցաւ «Նելսոն Մանտելայի միջազգային օրը», որ կը նշուի անոր ծննդեան տարեդարձին օրը 18 յուլիսին։

Օրը որոշուած է մեծարելու համար Հարաւափրիկէի երբեմնի նախագահը որ վեհանձնօրէն գործեց կերտելու խաղաղութեան եւ ազատութեան մշակոյթ մը։ Նելսոն Մանտելան իր մահկանացուն կնքեց 5 դեկտեմբեր 2013-ին, 95 տարեկանին։

Մանտելա ռահվիրայ մը, պաշտամունքի արժանի տիպար ու խորհրդանիշ դարձաւ ո՛չ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ մարդկութեան համար, Ափրիկէէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը: Անարդար օրէն ահաբեկիչ ծանուցուած Մանտելա իր խաղաղասիրական աննահանջ պայքարով նուաճեց Նոպէլեան խաղաղութեան՛ն մրցանակը: Արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ հաւասարութեան այս դրօշակիրը դարձաւ այս արժէքները մարմնաւորող պետական ղեկավար, չարձանագրեց բազմաթիւ ճակատագրակիցներու սայթաքումները, նախագահական աթոռը չիւրացուց ցկեանս, այլ ճամբայ հարթեց իր հայրենիքին նոր սերունդի ղեկավարութեան:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2020, 08:23